2013-09-11 10:03:24

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Կ'ընդունի Հայր Կութիեռեզ` Ազատագրումի Աստուածաբանութեան Հիմնադիրներէն Մէկը։


Հաւատքի ժողովի նախագահը գերապայծառ Միւլեր 8 սեպտեմբերին յայտնեց որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յառաջիկայ օրերուն պիտի ընդունի ազատագրումի աստուածաբանութիւնը գլխաւոր հեղինակը հայր Կութիեռեզ։ Գերապայծառ Միւլեր եւ հայր Կութերեզը պիտի ներկայացնեն միասին շարադրած ''աղքարտներու կողմնակից'' վերտարութեամբ հատորը հիւսիսային Իտալիոյ Մանդովա քաղաքին մէջ, ''Գիրքի տօնահանդէսը'' շրջագիծին մէջ։ Գիրքը մասնաւորապէս կը խօսի կարեւորութիւնը աղքատներու նախընտրութեան նիւթին մասին, որ հիմը կը կազմէ ազատագրումի աստուածաբանութեան։ Յայտնենք որ Վատիկանը յատուկ վերապահութեամբ կը դիտէր ազատագրումի աստուածաբանութիւնը, անոր մարքսիական ոգիին հետեւանքով։







All the contents on this site are copyrighted ©.